Ակցիա Փարիզի դեսպանատան առաջ
«Հայկական Վերածնունդ» շարժման Փարիզի մասնաճիւղի ներկայացուցիչին խօսքը Հայաստանի Փարիզի դեսպանատան առջեւ 9/11/2014ին.
Այսօր, մենք Սփիւռքահայերս, Հայաստանի քաղաքացիներս եւ Հայերու բարեկամներ, հաւաքուած ենք հոս, Հայաստանի դեսպանատան առջեւ ո՛չ թէ ուրախութեամբ, այլ՝ պարտադրաբար, քանի որ Հայաստանի դատա-իրաւական համակարգը կը շարունակէ բանտարկել անմեղ մարդիկ, ինչպէս՝ Վոլոդիա Աւետիսեանը, Շանթ Յարութիւնեանը եւ իր ընկերները եւ ոտնակոխելով անմեղութեան վարկածը՝ տարիէ մը ի վեր նախազգուշական բանտարկութեան կ՚ենթարկէ ուրիշ մը՝ Վարդան Պետրոսեանը:
Մենք, Սփիւռքի մէջ, սովորաբար ցոյցեր կը կազմակերպենք մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան համար, թշնամական արարքներու, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին, օտարատեացութեան դէմ, այսինքն՝ ընդհանրապէս անոնք կ՚ըլլան Թուրքիոյ կամ Ազէրպայճանի դեսպանատուներուն առջեւ: Երկու չափ, երկու կշիռ չընելու համար, մենք պարտաւոր ենք նաեւ դատապարտելու մե՛ր երկրին մէջ կատարուած անօրինութիւնները: Ատոր համար՝ մենք այսօր պարտադրաբար հաւաքուած ենք հոս, Հայաստանի դեսպանատան դիմաց, դատապարտելու համար Հայաստանի մէջ տարիէ մը ի վեր տեղի ունեցող կեղծ ու շինծու դատավարութիւնները, որոնց որպէս հետեւանք՝ անմեղ մարդիկ (Վոլոդիա Աւետիսեան, Շանթ Յարութիւնեան եւ ընկերները) 6-7 տարի բանտարկութեան կը դատապարտուին: Անոնք կը դատապարտուին միայն ու միայն անոր համար, որ յանդգնած են բաղձալ, այս վարչակարգին տակ, արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ:
Ասիկա մեզի համար անընդունելի է:
Իսկ Վարդան Պետրոսեանի պարագան բոլորովին տարբեր է, Շանթի եւ Վոլոդիայի պարագայէն, քանի անոր պատահածը ընդամէնը դժբախտ արկած մըն է, բայց եւ այնպէս անհեթեթ զանազան պատճառաբանութիւններով եւ բոլորովին անտեսելով անմեղութեան վարկածը, զինք տարի մը ի վեր ենթարկած են նախազգութական բանտարկութեան:
Ա՛յս ալ մեզի համար բոլորովին անընդունելի է:
Ես անձամբ, քանի մը անգամ ներկայ գտնուած եմ Վարդանի եւ Վոլոդիայի «դատավարութիւն»ներուն եւ ինքզինքս դժուար զսպած եմ... ի՜նչ դատավարութիւն... պարզապէս խեղկատակութիւն է կատարուածը... դատաւորներու արհամարհանքը, խօսելակերպը պաշտպան փաստբաններու հետ, վարկաբեկումը...: Իսկապէս աներեւակայելի եւ ցնցիչ է երեւոյթը մեզ՝ իրաւական պետութեան մէջ ապրողներուս համար: Վոլոդիայի, Շանթի եւ ընկերներուն դատավարութեան ընթացքին դատարանը չյաջողեցաւ ապացուցանել անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւնները:
Այդուհանդերձ, դատաւորները ծանր պատիժներու դատապարտելով մեղադրեալները, գործադրեցին «վերեւից» տրուած հրահանգները: Իսկ ինչ կը վերաբերի Վարդան Պետրոսեանին, հակառակ անոր որ, օրը օրին ճիշդ տարիէ մը ի վեր, մէկ առ մէկ յօդս կը ցնդին անոր ուղղուած ամբաստնաութիւնները, դատաւորը կը շարունակէ զայն բանտը պահել:
Հերի՛ք է: Պէտք է վերջ գտնեն այս խեղկատակութիւնները եւ անյապաղ ազատ արձակուին Վոլոդիա Աւետիսեանը, Շանթ Յարութիւնեանը եւ արդար լուծումի մը յանգի Վարդան Պետրոսեանի դատավարութիւնը:
Փարիզ 9/11/2014
