Նյու Յորքի Սրբոց Նահատակաց Ամենօրյա Վարժարանը շնորհավորում է Ա1+-ի 25 ամյակը
Յարգարժան
Տիար Մեսրոպ Մովսէսեան, Գլխաւոր խմբագիր
Խմբագրական կազմ
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախ Հեռուստակայանի
Երեւան- Հայաստան
Մեծ ուրախութեամբ կը միանանք այսօր բոլոր անոնց որոնք կու գան շնորհաւորելու ձեր հեռուստակայանի 25-ամեակը: Քառորդ դար- 25 տարիներու ընթացքին դուք լրատուուական բազմակողմանի սիւնակներով, համակարգչային գիծերով կը հասնիք Հայրենիքէն ալ անդին սփիւռքի հեռաւոր օճախները:
Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի – ՍՆԱՎ-ի անունով մենք ալ կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեր նուիրական աշխատանքին համար:
Երախտապարտ ենք նաեւ որ ձեր սեփական թղթակից եւ մեր շատ յարգելի Ռոպէրթ Կարապետեանին գրչին եւ ոսպնեակին շնորհիւ թղթակցութիւններ եւ նկարներ կը հասնին ձեզի եւ մեր վարժարանին լուրերը կը տարածուին սփիւռքէն Հայաստան:
Շատ շնորհակալ ենք որ կը քաջալերէք ՀԱՅ Վարժարանը իր առաքելութեան համար- հայ լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները պահպանող միակ կռուանը ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ է սփիւռքի մէջ, որ կը փորձէ կանգուն պահել Հայ ոգին, որուն համար կրկին ու կրկին ընդունեցէք մեր շնորհաւորանքին հետ խոր երախտագիտութիւնը:
Յարատեւութեան եւ աննահանջ կորովի մաղթանքներով՝
Զարմինէ Պօղոսեան
Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէնուհի
