Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
A A

Նյու Յորքի միակ ամենօրյա վարժարանը 50 տարեկան է

Հասարակություն
aa-1

2017 տարին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (Ս.Ն.Ա.Վ.) ընտանիքին համար նշանակալից տարի է՝ Ոսկեայ Յոբելենական Տարի:    Շարք մը հանդիսութիւններով դպրոցը իր ուսուցչական կազմով, տնօրէնութեան, ՍՆԱՎ-ի Բարեկամներու Յանձնախումբին, շրջանաւարտներուն եւ հոգաբարձութեան միացեալ ջանքերով կ՛աշխատին արժանաւորապէս նշել այս անկիւնադարձային տարին: Այդ հանդիսութիւններու շարքէն երկուքը տեղի ունեցան Յունիս 3-ին եւ Յունիս 16-ին: Երկու ձեռնարկներն ալ Նիւ Եորքահայութիւնը կը հրաւիրէր ականատես ըլլալու Մեսրոպի Մաշտոցի ջահը վառ պահող այս նախկրթարանին պանծալի Յիսնամեակին: Յիսուն տարի առաջ -1967-ին - խումբ մը ազգայիններ եկեղեցւոյ հովիւին՝ Տ. Վարդան Քհնյ. Մկրեանին առաջնորդութեամբ խիզախութիւնը ունեցած էին սկսելու ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՀԱՅ վարժարան մը՝  անտեսելով Հայ Դպրոց մը հիմնելու կապակցութեամբ բոլոր ժխտական կեցուածքներն ու դժուարութիւնները: ՍՆԱՎ-ը եկաւ փաստելու թէ մանուկին առաջին եօթ-ութ տարիներուն համար որքան կարեւոր էր նման միջավայրը – մանաւանդ՝ ամերիկեան գերիշխող պայմաններուն մէջ: ՍՆԱՎ-էն ներս հայ մանուկին հոգիին մէջ կը սերմանուի գիտութեան հանդէպ սէր, ինքնաճանաչման եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութիւն եւ ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ներուժ, ինքնավստահութիւն եւ այս բոլորը- հայ լեզուի, անգլերէն կրթական ծրագրի բարձր որակի ուսուցման զուգահեռ: 2017, Յունիս 3-ի պարահանդէս-ճաշկերոյթը որքան որ համայնքի ընտանիքները ի մի բերելով զուարճանալու համար առիթ մըն էր, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր ձեռնարկ մըն էր տարիներու ընթացքին վարժարանին հանդէպ առատաձեռն բարերարներուն երախտագիտութիւն յայտնելու նման հրապարակային առիթով: Դրուատական խօսքերով ՍՆԱՎ-ի Բարեկամներու Յանձնախումբի Ատենապետ՝  Յովհաննէս Մալիքեան մէկ առ մէկ թուարկեց այն բոլոր բարերարները որոնց առատաձեռնութեան շնորհիւ վարժարանը կը գոյատեւէ: Անոնցմէ ոմանք արդէն յաւէտ մեկնած են այս աշխարհէն, սակայն անոնց յաջորդները տակաւին կը շարունակեն իրենց ընտանիքին աւանդը: Այս տարուայ դրամահաւաքի գրքոյկին բարերարներն էին իրենց առատաձեռնութեամբ վարժարանը քաջալերող՝ մայր եւ որդի Տիկին Մարի եւ Պերճ Յարութիւնեանները:   Անցնող քսան տարիներու ընթացքին ՍՆԱՎ-ի Բարեկամներու Յանձնախումբը երախտագիտութեամբ կը յիշէ քսան առատաձեռն նուիրատուներուն եւ աւելի քան եօթանասուն անդամներուն անունները որոնք ծառայած են որպէս անդամ այս նուիրահաւաքի յանձնախումբին:   Յունիս երեքի յիսնամեակի պարահանդէսը միասնաբար նշելու եկած էին աւելի քան 270 ազգայիններ՝  որոնց կարգին ներկայ էին նաեւ բարերարներ Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեան, Նուպար եւ Էնն Մահտէսեան, Վերճինեա Տատուրեան, Վահան եւ Լիսա Թանալ, Նշան եւ Քրիսթին Չորպաճեան եւ շատ ուրիշներ: Յիսնամեայ տօնակատարութեան առթիւ Վարժարանի երկարամեայ Տնօրէնուհի եւ վաստակաշատ մանկավարժ Զարմինէ Պօղոսեան իր ելոյթով հպարտութեամբ ներկայացուց իր աշակերտուհըներէն, ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտ, Տիկ. Սեդա Դաւիթեան Մկրեանը, որ վկայեալ է նահանգային մանկավարժական մասնագիտութեամբ: Դպրոցը իր քսանամեակը տօնած էր Մեր Արմատներուն Պտուղները նշանաբանով, իսկ երեսնամեակը՝ ԱՒԱՆԴԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՄԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՎ- լոզունքով: Ահաւասիկ, յանձինս Տիկին Սեդային- Աւանդը կը շարունակուի  ՍՆԱՎ-ի արմատներէն սնունդ առած թեկնածուով: Այդ ոգիով խանդավառ Տիկին Սեդան եւ շրջանաւարտ արուեստագիտուհի Քրիսթինա Վանտեանին գծագրութեամբ պատրաստած էին հրաշալի պաստառ մը ուր նկարուած էր ոսկեայ բունով ծառ մը, որուն ճիւղերուն վրայ կարմիր ներկով ներկայ բոլոր աշակերտութիւնը իրենց մատիկերով դրոշմած էին բերքը ՍՆԱՎ-ի ոսկեայ տարիներուն: Ուրբաթ՝ Յունիս 16-ին 35-րդ շրջանաւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ: Տօնական տրամադրութեամբ սրահը լեցուն էր պատուական հիւրերով, շրջանաւարտներով եւ իրենց հարազատներով: Շրջանաւարտները իրենց խօսքին մէջ նշեցին վարժարանին յիսուն տարիներու  ներդրումը հայ համայնքէն ներս: ՍՆԱՎ- հպարտութեամբ կը յայտարարէ թէ իր բարձր մակարդակի կրթական ծրագիրը գնահատուած է – Նիւ Եորք նահանգի կրթական նախարարութեան քննութիւններու արդիւնքներէն հիմնուելով – Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեանի օրերուն, ՍՆԱՎ ճանչցուած է որպէս թիւ մէկ նախակրթարանը Քուինզ շրջանի եւ վեցերորդը՝ Նիւ Եորք Քաղաքի հինգ շրջաններու բոլոր դպրոցներուն հետ բաղդատած: [caption id="attachment_1551219" align="alignnone" width="500"]3 ՍՆԱՎ Բարեկամներու Յանձնախումբը[/caption] 2017-ի աւարտական հանդէսով ՍՆԱՎ իր 35-դ հունձքը ներկայացուց համայնքին: Հայկ Առաքելեան, Լուսինէ Գալստեան եւ Արմէն Փանոսեան շրջանաւարտները ղեկավարութեամբ ուսուցչուհիներ Հուրի Ղուկասեանին եւ Հրիփսիմէ Ն. Փօլատեանի երկլեզու գեղեցիկ ելոյթով ներկայացուցին ՍՆԱՎ-ի անցեալն ու ներկան:  Երեք շրջանաւարտներ՝ որոնք աղաւնիի թեւեր առած պիտի երթային նոր հորիզոններ, նոր ուսումնական կեդրոններ ապագայ կերտելու: Ինչպէս Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Աբարահամ Քհնյ. Մալխասեանը ընդգծեց, անոնք պիտի դառնան վարժարանին լաւ լուրերը տարածող աղունիկները, մասնագիտանալէ ետք ընդմիշտ վերադառնալու իրենց սնունդ տուող ՍՆԱՎ-ին: Վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկ. Սեդան, իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ամբողջ տարի մը իր թիկունքին կանգնած ՍՆԱՎ-ի ջահը փոխանցող, վաստակաշատ տնօրէնուհի եւ դաստիարակ՝ Տիկ. Պօղոսեանին: Տիկ. Պօղոսեան իր երախտագիտական խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց ՍՆԱՎ-ի ընտանիքին, որոնց շնորհիւ ան արժանացաւ Քուինզ Շրջանի քաղաքապետ՝ Քլէր Շուլմանին յատուկ գնահատագրին, որով Նոյեմբեր 16, 1997–ը կը յայտարարէր Զարմինէ Պօղոսեանի Օր իր մանկավարժական բացառիկ նուիրումին եւ ծառայութեան տասնամեակին առթիւ:  Իսկ Հոկտեմբեր 24, 2014-ին Տիկին Պօղոսեանին շնորհուած էր  Ն.Ս.Օ. Տ.Տ. Գարեգին Բ.Վեհափառ Հօր Հայրապետական Կոնդակ եւ Ս. Մեսրոպ-Ս. Սահակ շքանշանը գնահատելու համար իր մանկավարժական բազմամեայ ծառայութիւնը որ սկսած էր Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանէն: Ան համեստօրէն շեշտեց թէ շատ բան սորված է իր աշակերտներէն, աշխատակիցներէն, ծնողներէն եւ դպրոցը սիրով եւ նուիրումով շրջապատող անձնաւորութիւններէն: Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք բաժին ունեցած են այդ պատուաբեր գնահատականներով հարստացնելու իր կեանքն ու նուիրումը հայեցի դաստիարակութեան մարզին մէջ: Ան գոհ սրտով կը հեռանայ վարժարանէն վստահ ըլլալով որ ԱՒԱՆԴԸ ՊԻՏԻ՛ շարունակուի ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտներով: [caption id="attachment_1551220" align="alignnone" width="500"]1 Յովհաննէս Մալիքեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Մարի Յարութիւնեան, Պերճ Յարութիւնեան, Սեդա Դ. Մկրեան, Արփի Ճանտան[/caption] Շրջանաւարտական հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին 2005-ի շրջանա-ւարտ՝ շնորհալի Գայեանէ Ժամկոչեան, շրջանաւարտներուն ուղղուած իր իմաստալից ելոյթով: Իսկ իր գեղեցիկ ձայնով ներկաներուն հիացմունքին արժանացաւ 2010-ի շրջանաւարտ Տէպորա Ակոբեան: Բեմի պաստառը Նիւ Եորքի տեսարանին զուգահեռ Արարարատով փայլող արուստի գործին հեղինակն էր Քրիսթինա Վանտեան-2010-ի շրջանաւարտ: Հանդէսը աւարտին հասաւ 5 եւ 6 կարգի աշակերտներուն փունջ մը գեղեցիկ երգերու ելոյթով, Տիկ.Անահիտ Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ եւ Տիկ. Նուարդ Տատուրեանի նուագակցութեամբ: Հանդէսի պաշտօնական աւարտին շքեղ հիւրասիրութիւնը կը սպասէր բոլորին: Այս առթիւ գնակատական խօսքերով բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ հոգաբարձութեան երկարամ-եայ ատենադպրուհի Տիկ. Ռոզ Յարութիւնեանը, եւ առ ի գնահատանք ստացաւ գեղեցիկ յուշանուէր մը ձեռամբ համա-ատենապետներ՝ Արփի Ճանտանի եւ Յովհաննէս Մալիքեանի:            Բոլորին ի սրտէ մաղթանքն էր Նիւ Եորքի միակ ամէնօրեայ այս նախակրթարանը հասցնել երկրորդականի եւ դիմաւորել ԱԴԱՄԱՆԴԵԱՅ եւ ինչու չէ նաեւ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ տօնախմբութիւնը ի պարծանս հայ լեզուի  եւ մշակոյթի գոյատեւման: unnamed4 unnamed5 unnamed7 unnamed8 unnamed9 Աշխէն Գէորգեան-  Նիւ Եորք- Յունիս 17- 2017