Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
A A

Հալեպի երիտասարդները դիմում են Արցախի ու Հայաստանի զինվորին (տեսանյութ)

Հասարակություն
Halep

arevelk.am Հայկական թաղամասերու ապահովութիւնը ստանձնած հայ երիտասարդներ տօնական օրերու առթիւ, իրենց ողջոյնի խօսքը յղած են: Տեսանիւթի միջոցաւ տարածուած ողջոյնի խօսքով անոնք մասնաւորապէս յիշատակած են Արցախն ու անոր սահմանները պաշտպանող հերոս զինուորները: Երիտասարդներէն մին իր խօսքին մէջ կը նշէ «Մենք Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ զգացինք Արցախի մէջ մեր պայքարող զինուորներուն եւ կամաւորներուն ապրումը: Ինչպէս իրենք կը պայքարին մեր հայ ժողովուրդի համար, մեր հայ հողին համար, մեր պատուին  համար, նոյնպէս մենք հոս Նոր Գիւղի մէջ, Հալէպի մէջ կը պաշտպանենք մեր պատիւը մեր արեան գնով»: Տեսանիւթին մէջ յստակ կը դառնայ նաեւ, որ հայ զինեալ տղոց դիրքերը կը գտնուին Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական  թաղամասին մէջ: