Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
A A

«Լաւ պիտի ըլլար, եթէ օդանաւերը սուրիահայերով վերադառնային». Տ. Արմաշ Սրբազան

Հասարակություն
srbazan

«Լաւ պիտի ըլլար, եթէ մարդասիրական օգնութիւններ Լաթաքիա բերող օդանաւերը Հայաստան դատարկ չվերադառնային»,-«Արեւելք»ին յայտնեց Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան: Սրբազանը շարունակեց.«Ողջունելի է այս քայլը, բայց տեղի ունեցաւ առանց համակարգումի, այս մասին մեզմէ ոչ ոք տեղեակ էր, ու շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ այս մէկը հնարաւորութիւն տար այն սուրիահայերուն, որոնք կը փափաքին Հայաստան երթալ, այդ օդանաւերով երթան»: «Մենք իբր պատասխանատուներ՝ միշտ կը գնահատենք Սուրիոյ դերը եւ անոր նշանակութիւնը մեր կեանքին մէջ, շնորհակալ ենք անկէ, սակայն պայմանները այնպէս բերին, որ պատերազմ է, տեսական դրութիւն մը չէ: Իբրեւ ղեկավարներ մեզի միշտ կ′ըսեն, որ ջատագովն ենք Սուրիոյ եւ անոր խաղաղութեան, բայց այդ երբեք չենթադրէր թէ մենք մեր յայտարարութիւններով մեր ժողովուրդին թելադրենք մնալ կամ հառանալ հոսկէ»,- յայտնեց Դամասկոսի ԹեմիԱռաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս.Նալպանտեան: Սրբազան հայրը, ակնարկելով վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած եւ Սուրիա մնալ- չմնալու մասին եղած միտքերուն ըսաւ.  «Մարդիկ Սուրիա կը մնան, ըստ իրենց ընտանեկան որոշումներուն: Մեր պարտականութիւնն է՝ մեկնիլ ուզողները յորդորել, որ հայրենիք հաստատուին: Հայաստանի մէջ վկայութիւններ կան, թէ քանի մը հալէպահայեր կամ սուրիահայեր յաջողութիւն գտած են եւ իրենց աշխատանքն ու նիւթական կարիքները ապահոված են, ինչ որ քաջալերական պէտք է հանդիսանայ անոնց: Սակայն ան, որ պիտի մնայ, մեր պարտականութիւնն է օգտակար դառնալ եւ սատար կանգնիլ անոր:   Քաղաքական վերլուծաբան ըլլալու կարիքը չկայ, որ ըսենք թէ պատերազմը երկար է: Շատ յստակ է թուրքին դերակատարութիւնը այս պատերազմին մէջ: Քանի մը անգամ յիշած եմ այդ, օրինակ՝ Տէր Զօրի եկեղեցին ի՞նչ ռազմական նշանակութիւն ունի: Չեմ ուզեր յաւակնութիւնը ունենալ ըսելու, թէ Թուրքիան յատուկ ծրագիր մը ունի, բայց այս բոլոր իրարանցումին մէջ իր հաշիւներն ալ կը մաքրէ: Այս բոլորին մէջ հիմնական օգնութիւնը, որ պէտք է ըլլայՙ  ապահովականն է, որովհետեւ պաշտպանութեան  եւ ապահովութեան խնդիր կայ: Ասկէ առաջ մի քանի դէպքեր եղած են, Քէսապի կամ նոյնիսկ Հալէպի հարցերուն սկզբնական շրջանին, երբ կապի մէջ եղած ենք տեղական պատասխանատու  մարմիններու  հետ, թէ՛ պաշտպանութեան նախարարութիւն, թէ՛ ներքին գործերու, որպէսզի յատուկ ձեւով իրենք իրենց պարտականութիւնը կատարեն հայաշատ թաղամասերուն մէջ: Անոնք իրենց նկատառումները, կարողութիւններն ու քաղաքականութիւնը ունին», -դիտել տուաւ Սրբազանը: Սուրիոյ մէջ եղող ղեկավար կազմին կարողութիւններուն մասին խօսելով, սրբազան Նալպանտեան նշեց. «Հիմնականը, որ մեր ժողովուրդը կը քաջալերենք դիմանալու կամ մնալու, այդ կու գայ միայն նուիրատուութիւններու հաւաքուած կարողութիւններէն: Ինչպէս որ դպրոցներուն օժանդակութիւն կը կատարենք, ընտանիքներուն տան վարձքի, նիւթական, սննդական կամ առոջապահական հարցերով սատար կը կանգնինք: Բայց այս ալ կու գայ մէկ ուրիշ դժբախտ վիճակէ, որովհետեւ այլ ընտրանք չ′ունինք, իրենց հրամցնելու: Եթէ Հայաստան մնալու պարագաներ ըլլան, կարելի է, ինչ որ բան մը ընել: Մենք Սուրիոյ մէջ նստած, դուրսէն կը լսենք, որ գաղութը պէտք է պահուի, պէտք է մնայ: Թէ՛ ինչ գինով, մենք ենք անոր վկաները: Անոնք, որոնք կ′ուզեն Հալէպէն դուրս գալ եւ նոյնիսկ տոմսերու գումարը չունին, մենք կ′օգնենք մեր անձնական ուժերով եւ բարերարներ գտնելով: Այնտեղ ալ խնդիրներու կը հանդիպինք: Անձնապէս ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս 2 ընտանիքներու դէպի Հայաստան ճանապարհածախսը ապահովելէ ետք չմեկնեցան, որովհետեւ հոն իրենց դիմաւորող ու իրենցմով հետաքրքրուողներ չ′ունէին. իսկ Գանատայի եւ Աւստրալիոյ պարագային, այդ հանրաւորութիւնը ունին, որովհետեւ կը դիմաւորուին պետական աջակցութեամբ»,- մատնանշեց Սրբազան հայրը: Ճգնաժամային այս օրերուն, իբր սուրիական համայնքի հովիւ, գաղութի տարհանման մասին իր կարծիքը «Արեւելք»-ին յայտնելով, ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ գտարհանումներ եղած են: Տարհանում անպայման չի նշանակեր համայնքի անդամները Սուրիայէն դուրս բերել: Կրնանք այդ նկատի ունենալ Հալէպի մէկ թաղամասէն միւսը տանիլ, կամ բոլորովին այլ շրջաններ փոխադրել, ինչպէս եղաւ Քէսապիկ ամ Հոմսի մէջ: Բայց Սուրիայէն դուրս, ո՛չ, թէկուզ ապահովական նկատառումներով, այդ քայլին չենք դիմեր, նոյնիսկ միջոցները չ′ունինք իբրեւ գաղութ: Ի վերջոյ, միայն տարհանելը չէ, այլ առօրեայի պաշտապանութեան հարցն ալ կայ: Մեր կարելիութիւնը կը հանդիսանայ նիւթապէս սատար կենալով այդ մարդոց, որոնք ճարահատ կ′ուզեն հոս մնալ: Անցեալ ամրան սկիզբը, երբ գրեթէ ամիս մը զինադադար յայտարարուեցաւ, քաջալերական եւ յուսադրիչ վիճակ մը ստեղծուեցաւ բոլորին մօտ: Կեանքը իր բնականոն ընթացքին կը դառնար, մոռցած էինք պատերազմական վիճակը, ակայն երբ զինադադարը ձախողեցաւ աւելի դժուար պարագայ ստեղծուեցաւ, մանաւանդ Հալէպի մէջ, ուր մեր գաղութին մեծամասնութիւնը կը գտնուի: Մէկ շաբթուան մէջ, հազարը անցնող ռումբեր ինկան: Ըստ երեւոյթին, մարդկանց այս արիւնարբու ախորժակը դեռ չէր վերացած: Այդ իսկ պատճառով կարելի է ենթադրել, թէ այսպիսի դժբախտ պարագաներ պիտի ունենանք: Քանի մը օր առաջ պատահածը՝ ամենամեծ ապացոյցն էր, թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ՛ մանաւանդ Հալէպի մէջ»: Տեղին է նշել, որ դամասկահայութիւնը քիչ մը աւելի ապահով պայմաններու մէջ է, համեմատած Հալէպահայութեան հետ: Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ, վտանգը միշտ կայ, բայց շուտով կը կասեցուի: «Հիմա գրասենեակս նստած, օդանաւի ձայներ կը լսեմ, ինչ որ սովորական է: Հետեքրքրական է, սակայն, որ մասամբ ապահով թաղամասերու մէջ, կեանքը այնքան բնականոն կ′ընթանայ, որ նոյնիսկ միչեւ ուշ գիշեր սրճարաններ կը գործեն, իսկ 1 քմ անդին տուներ կը քանդուին», աւելցուց մեր զրուցակիցը: Ավելին՝ այստեղ