Բացել լրահոսը Փակել լրահոսը
A A

Հալեպում հրթիռակոծության հետևանքով 5 հայ է զոհվել

Քաղաքականություն
Halep

«Գանձասար» պարբերականը տեղեկացնում է, որ այսօր հրթիռակոծության հետևանքով Հալեպում 5 հայ զոհվել է, եւս 8 հոգի՝ վիրավորվել: Այսօր առաւօտեան վաղ ժամերէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերը։ Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգ. Պատսպարանի սաները առժամաբար փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր։ Վայրկեաններ առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին վիլլաներ թաղամասը։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով արձանագրուեցան հայ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Շտապ օգնութեան ծառայողներ շրջափակեցին շրջանը։ Հալէպի շտապ օգնութեան մարմնի անդամները վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոց։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ապահովական նկատառումներով աշակերտութիւնը անմիջապէս տեղափոխեց ներքնայարկ։ Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը տեղեկացուց այսօր Վիլլաներ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռին հետեւանքով հայ զոհերուն եւ վիրաւորներուն անունները։ Զոհուած են հայազգի Արման Հինտոյեանը եւ Ծիլա Ճապաղջուրեանը։ Երրորդ հայ զոհը կին մըն է, որուն ինքնութիւնը ցարդ հնարաւոր չէ եղած ճշդել։ Ծանրօրէն վիրաւորուած են. Գառնիկ Կարապետեան, Միրէյ Հինտոյեան, Ծովիկ Գապիքեան, որոնք ներկայիս վիրահատութեան կ՚ենթարկուին։ Թեթեւակիօրէն վիրաւորուած են Պէթի Լախոյեան-Հինտոյեան, Մովսէս Հինտոյեան, Նազար Զարմինեան։